Название | Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր |
---|---|
Автор произведения | Ռուբեն Սեւակ |
Жанр | Поэзия |
Серия | |
Издательство | Поэзия |
Год выпуска | 0 |
isbn | 9781772467871 |
Լեռնցի հսկայի ահագին կերտուած մը. երկար ծալքերով լայն ու անհատնում վերարկու մը՝ որ արծաթէ նեղ գօտի մը մէջքին վրայ կը սեղմէր. անընկճելի ու հպարտ ուսեր՝ որ չէին ծռած, ու վերէն կ՚իշխէին կորաքամակ քաղքենիներու բազմութեան վրայ. թաւուտ մօրուք մը, որ ամբողջ դէմքը կը ծածկէր։ Ու այս բոլորին վրայ, վերը, մուշտակէ բարձր ու սուր գտակ մը, ուղտի մորթէ։
Վազվզող փոքրիկ մարդոց հոսանքին մէջ ան կը սպասէր անշա՜րժ, շփոթա՜ծ, արհամարհո՜տ։ Թեւերը իրանին վրայ ծալած էր, հաւնոցի մը մէջ բանտուած արծիւի մը պէս…։
Ի՞նչ բան ստիպեր էր այս տիտանը Ասիոյ լեռներէն գաղթելու դէպի քաղաքակրթութեան այս կեդրոնները՝ որ կ՚ատէր հպարտ անասունի իր նայուածքին մէջ։
Իր երեք ձագուկները հետն առած, – իւրաքանչիւրին ձեռքին մէյ մէկ ծրարով ,– Կովկասի չեմ գիտեր ո՛ր անկիւնէն ճամբայ ինկած էր , ու սահմանէ սահման, կայարանէ կայարան, շոգեկառքէ շոգեկառք փոխադրուելով, պատերազմի ղրկուող ձիերու պէս մինչեւ հոս հասած։
Իրեն ըսեր էին որ այստեղ բժիշկները հրաշք կը գործեն։ Ու ան Լօզան եկեր էր՝ այն հաստատ հաւատքով որ բաւ էր դարտ մը ցուցնել՝ դարման մը գտնելու համար։
Ուրեմն այս Գողիաթը հիւա՞նդ…։
– Հապա ինչո՞ւ զաւակներդ միասին բերիր, կը հարցնեմ։
– Իրե՜նց համար եկայ, բժի՛շկ… թո՛ղ ես մեռնիմ, իմ կեանքս ի՞նչ է… ես մեղաւոր հայր մըն եմ… բայց փոքրիկնե՜րս, բայց փոքրիկնե՜րս…։
Ու բառերը կը կոտրտէր, կը ծամծմէր, կը դարձնէր ու նորէն կը կրկնէր իր այլանդակ թուրքերէնով։
Իրա՛ւ ալ, հօր մը համար դիւրին֊դիւրին խոստովանուելիք բան մը չէր իր պատմութիւնը։ Դեռ իր երիտասարդութեան շրջանին՝ բանակին մէջ ֆրանկախտ մը ստացեր , բայց լռեր, գաղտնի պահեր էր բժիշկներէ։ Ու այնպէս կը թուէր որ այդ հսկան հազի՜ւ թէ իր մորթին վրայ զգացեր էր ահաւոր ախտին դրոշմը։ Յետոյ ամուսնացեր, բայց երեք զաւակներ ծնելէ վերջ, կինը մեռեր էր, դեռ քսան տարու…։
Ինք չէր ըսեր – ու չէր կրնար գիտնալ – թէ ինչէ՞ն մեռեր էր այդ անմեղ կինը։ Բայց տարիներու ընթացքին մէջ, սոսկումով կը դիտէր որ իր երկու մանչերուն ականջները քիչ֊քիչ կը խցուէին, կապարի պէս կը ծանրանային։ Ուխտատեղի, աղօթք, դեղ , անօգո՛ւտ։
Ինչո՞ւ։ Ճարահատ բժիշկ մը իրենց արիւնը քննելով, տեսաւ որ հօրը հիւանդութիւնը զաւակներուն երակին մէջ կը շրջագայէր. այնպէս որ իրենց փոքրիկ սրտին իւրաքանչիւր զարկը ուրիշ բանի չէր ծառայեր՝ բայց միայն այդ ահաւոր թոյնը մարմնին զանազան բջիջներուն մէջ աւելի՛ եւ աւելի՛ մտցնելու…։
Հիմա աղջնակն ալ սկսեր էր թեթե՜ւ, շա՜տ թեթեւ խուլութիւն մը ցոյց տալ. ու հօրը ամբողջ սարսափը այն էր որ մի՛ գուցէ այս վերջինն ալ…։
– Այդ ապագան գուշակելը դիւրին է , – ընդմիջեցի , – բա՛ւ է իր արիւնն ալ քննել։
– Ո՛չ, ո՛չ , – բացագանչեց դեղնելով… – թող այդ մէկին ապագան ալ անյայտ մնար…։ Խուլ տղաքներ ունենալ, այն չէ՜ ցաւը գլխաւոր, բայց գիտնա՛լ թէ անոնք խուլ են միմիա՛յն իմ մեղքովս, անոր համար որ տասնհինգ տարի առաջ օ՜ր մը տե՛ղ մը ես շնացի՜… շնացի՜…։
Աչքերը թրջեցան, փայլեցան։ Ակռաները կճրտացին բերնին մէջ մանրախիճեր փշրելու պէս։ Բայց որո՞ւ բարկանար։ Այս նախնական մարդը՝ որուն համար վրէժխնդրութիւնը կեանքին գերագո՜յն հպարտութիւնն ու օրէնքն էր՝ այժմ իր վրէժը ուրիշ մէկէն չէր կրնար լուծել, բայց մի՛այն իր անմեղ զաւակներէն…։
– Աստուա՜ծ,