Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր. Ռուբեն Սեւակ

Читать онлайн.
Название Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր
Автор произведения Ռուբեն Սեւակ
Жанр Поэзия
Серия
Издательство Поэзия
Год выпуска 0
isbn 9781772467871



Скачать книгу

հանդա՜րտ կը նայէին՝ աղբիւրներուն վրայ բացուած այն երկնագոյն ծաղիկներուն պէս, որ մի՛ մոռնար զիս կ՚ըսեն…։

      Վերմակին տակ արիւնն ամբողջ անկողինը լեցուցեր, մակարդեր, սառեր էր արդէն։ Կասկածո՜վ իր թեւը վերցուցի. այն մերկ երակը փրթեր էր… – փրթա՞ծ թէ փրցուած…։

      Լօզան, 1913

      Կռունկը

      ԿՌՈՒՆԿԸ

      Ցուրտ֊ձմեռ օր մըն էր։ Դուրսը սառած հովը մտրակներու պէս կը շաչէր անցորդներու երեսին։ Ձիւնն ըսես՝ աչքերը կուրցնելու աստիճան։

      Հայրենակցի մը սենեակին մէջ կծկտեր էինք մենք, քանի մը ընկերներ, ամէնքս ալ պանդուխտ։ Դուռը ճռաց, ցուրտ հով մը խուժեց սենեակէն ներս։ Կարոն էր, գերեզմանէն կու գար։

      – Պը՜ռ՜ռ, – ըսաւ, – շա՛ն օդ. ասանկ օրով մարդ կը մեռնի՞…։

      Քիչ վերջը, դուռը անգամ մըն ալ բացուեցաւ. քանի մը յետամնաց ընկերներ ալ ներս մտան։ Այս ձիւնին տակ սպասած էին որ դիակը ամբողջովին ծածկուէր, նոյնիսկ մէկը՝ մեր բոլորին կողմէ՝ յետին հրաժեշտի քանի մը խօսքեր ալ ըսած էր այդ մենաւոր գերեզմանատան մէջ, այդ անծանօթ մեռելին վրայ։

      Ո՜վ կը ճանչնար, ո՜վ պիտի ճանչնար երբեք հազար ու մէկ բզկտուած էջերը Կեանքի ու Մահուան այն տռամին՝ որ այսօր ձիւներու տակ թաղեցինք, օտարներու փոսին մէջ։ Առա՛նց անունի, թռչունի դիակի մը պէս…։

      – Ե՛ս ալ չէի ճանչնար ան, – ըսաւ մէջերնէս մէկը. – բայց պանդոկին մարդերը հասկցեր էին, որ այդ օտարական հիւանդը Հայ մըն է ու հայ բժիշկ մը կ ՚ուզէ իր մօտ։ Շաբաթ մը յետոյ միայն կրցան զիս գտնել։ Երբ իր սենեակէն ներս մտայ՝ պատուհանին փեղկերը գոցուած էին։ Սակայն քիչ ֊քիչ այդ մթութեան մէջ դէմք մը գծագրուեցաւ, երկար, անկիւնաւոր, կանանչի զարնող դեղնութիւնով մը. խաւարով ու լոյսով շինուած Ռամպրանթեան գլուխ մը։

      Երկրորդ բանը որ տեսայ այդ սեւութեան մէջ՝ ոսկորի գոյն մատներ էին, որ ինծի երկարեցան ու ձեռքերս սեղմեցին՝ կպչող խոնաւութիւնով մը։ Կարծես թէ ա՜լ կաթիլ մը արիւն մնացած չըլլար իր մարմինին մէջ։ Աչքերը իրենց փայլը արդէն կորսնցուցեր էին. սեւութեան մէջ սեւ՝ չէին երեւար։

      Երբ աւելի վարժուեցայ այդ կէս ֊մթութեան՝ տեսայ որ մօրուքին վրայ տեղ ֊տեղ կարմիր արիւնը փակեր, թանձրացեր, լերդացեր էր։ Մորթուած անասունի տաք շունչ մը կ ՚ելլէր իր բերնէն, դանդաղ ու խորունկ։ Կարծես անտեսանելի դանակ մը ներսէն, վերէն ի վար ճեղքեր էր իր թոքերը։

      Ա՜լ նիւթական ի՜նչ դարման կարելի էր տալ այս մարմինին որ գրեթէ մեռեր էր արդէն։ Բայց ան խօսելու ճիգ մը ըրաւ, հազը խեղդեց իր խօսքը. խռկացող, խռպոտ հառաչներէն բա՜ռ մը հասկցայ,

      – Կռո՜ւնկը…

      Ու ես երգեցի իրեն. ո՜վ չի գիտեր կռունկը, բոլոր աչերն ետին մնացած ուղեւորներուն կռունկը… ու անդին՝ բոլոր ճիտը ծռած, անվերջ ճամբաներուն սպասողներուն կռունկը…։ Ու ինծի այնպէս թուեցաւ որ իր հոգին հովացաւ, զովացաւ, լացաւ…։ Իր սրտին բոլոր լուրերը յանձներ էր հաւատարիմ կռունկին…։

      Այս պատմութեան վրայ ամէնքս ալ լռեցինք։ Սարսափելի՛ բան մը կար ճակատագրին մէջ այս անծանօթ ուսանողին՝ որ հայրենիք դառնալու համար ճամբայ ինկեր, ու ճամբուն վրայ մեռեր, թաղուեր էր իր չտեսած մէկ հողին մէջ…։

      Թոքախտը որ հո՛ն էր, ի՛ր մէջ, դարանակա՜լ, տարիներէ ի վեր սպասեր էր որ բոլոր յոյսերը իրականանան, բոլոր ուսումները կատարելագործուին ու բոլոր աշխատութիւնները աւարտին՝ ի՛նք սկսելու համար իր ահաւոր աշխատութիւնը, ու