Թէոդորոս Ռշտունի. Ծերենց

Читать онлайн.
Название Թէոդորոս Ռշտունի
Автор произведения Ծերենց
Жанр Исторические любовные романы
Серия
Издательство Исторические любовные романы
Год выпуска 0
isbn 9781772467987



Скачать книгу

որ եթէ այս վայրկենես փոքրիկ բռնութիւն մը լինի աւանիս մէջ, բոլոր յոյները ջարդել կ'ուտամ, եւ որպէսզի մեղք ինձ չի համարուի` ահա քու առջեւդ կը հրամայեմ. – Տէր Հայր, – ըսաւ աւագերէցին, որ իւր քով նստած էր, – գնա շուտով եկեղեցին, ամէն տեղ իմաց տուր, որ զէն բերնին պատրաստ կենան, եւ առաջին անիրաւութեան եկեղեցիներն իմաց տան եւ եկեղեցուոյ մը կոչնակները զարնուած վայրկենեն ամէն ոք իրաւունք ունենա գտած յոյնը սպաննելոս Տէ՛, իմացա՛ր, գնա՛:

      Քահանան թեւատարած ոտք ելաւ երթալու, երբ Թումայ, որ նստեր մտիկ կ'ընէր, ձայնը եւ կերպը փոխելով մէկեն քաղցրութեամբ ըսաւ քահանային.

      – Դու, որ Քրիստոսի եւ աւետարանի աշակերտ ես կրնա՞ս այսպիսի անգութ պատուէր մը քարոզել:

      – Աւազակներու պաշտպանութիւն ո՞ւր քարոզեց Քրիստոս, հոռոմ իշխան, – պատասխանեց Զաւէն: Ես, թագաւոր եալ քաղաքը` Կարին, Տրապզոն կախաղաններ տեսայ եւ աւազակներ կախուած, ձեր հոռոմի Քրիստոսը աւազակներու ներողութիւն չի քարոզէր եւ մեր հայոց Քրիստոսը կ'ուզէ՞ք որ քարոզէ: Հրաման տուր քու մարդոցդ, որ անիրաւութիւն չընեն, յափշտակութիւն չընեն, կանանց պատուոյն չի դպչին, այդ անառակ երգերը դադրեցնեն. եւ երբ դու հրաման տաս` մէկը չի հնազանդի եւ դու պատմես, այն ժամանակ կ'իմանամ թէ քու մարդիկդ զինուոր են եւ ոչ աւազակ. իսկ եթէ դու լուռ կենաս, գանգատանաց ականջդ խփէս, գողին գողակից կը չինիս եւ ինձ իրաւունք կ'ուտաս, որ քեզ եւ քոյոցդ ինչ չարիք կրնամ հասցնեմ, եւ ինձ սրբազան պարտք կը դառնա անիրաւութիւնը որ քեզմէ սկսաւ` քեզմով վերջացնեմ. բայց դու եթէ գիտնայիր քու գլխուդ հասած վտանգր` ինձ պէտք էր շնորհակալ լինէիր, որ ժամանակին եկայ հասայ. արդէն բոլոր աւանին բնակիչք պատրաստուած էին զձեզ ամէնքդ սուրէ անցնել, եւ կոտորածը հիմա այս վայրկենիս թերեւս սկսած էր, բարեբախտաբար ես եկայ եւ արգիլեցի:

      Այս վերջի խօսքերը բոլորովփն կերպարանափոխ ըրին յոյն զօրավարը: Շուտ մի ելաւ հրամայեց իւր զինուորներուն, որ երթան բոլոր աւանը իմացնեն իւր կողմեն, որ ամենափոքր անկարգութիւն ընողը սուրէ անցնել պիտի տար, եւ թէ թոյլտւություն էր բնակչաց բռնութիւնը բռնութեամբ վանել եւ անզգամին անզգամութեամբ փոխարինել: Եւ դառնալով Զաւէնի, որ նորա խօսքերեն բառ մը, շարժմունք մը չի կորցնելով անշարժ նստած էր:

      – Իրօք շատ շնորհակալ եմ, – ըսաւ, – որ դու խոհեմութեամբ վարուեցար այս նիւթիս մէջ եւ արիւնահեղութեանց պատճառն արգիլեցիր. ես չէի կրնար հաւատալ թէ մեր զինուորները այն աստիճանի անիրաւութիւն ընեն, որ բնակչաց այսչափ զայրոյթ պատճառեն. եւ շիտակն ըսելով ձեզմէ առաջ ոչ ոք գանգատ մը չէր ըրած: Ուստի շատ գոհ եմ ձեզմէ: – Այո խօսքերը` բիւզանդական կերպարանքին վրայ դիմակ ծածկելով ըսելէ վերջ` ձեռքը Զաւէնի երկնցուց, որ այս շարժմունքը գուշակելով` իբր թէ այդ վատ ձեռքը չտեսնելով` դարձաւ իր դրացեաց եւ ըսաւ.

      – Գնացէք դուք էլ, եղբարք, հան դարտեցուցէք երիտասարդները, որ չելլեն տարիքի կրակով բան մը հանեն. լսեցիք ահա իշխանին խօսքերը եւ պատուերները, դուք էլ ամէն փողոցի զլուխ զինեալ պահապաններ դրէք, որ արգիլեն անկարգութիւն` ուսկից որ գայ. երթա՛ք բարով:

      Մարդիկը գոհ սրտով ողջունեցին եւ ելան գնացին: Նոյնպէս Զաւէն աչն ատեն ելաւ եւ ձեռքը կուրծքին վրայ գնելով, ողջունեց յոյն իշխանը եւ քաշուեցաւ իւր ներքին սենեակը` ուր ընտանիքը ժողովուած կը նստէին. երախայք արդէն քնացած էին: Հոն իր երեք տղոց ապսպրեց, որ կարգաւ գիշերը պահպանութիւն ընեն